Այս էջով կը սկսինք մեր երրորդ խմբագրաթոնը, որուն կը հրաւիրուին մասնակցելու Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի բոլոր խմբագիրները։
Ինչպէս տեղեակ էք մեր յայտարարութիւններէն, անցնող երկու ամիսներուն ընթացքին կազմակերպեցինք մեր առաջին երկու խմբագրաթոնները, որոնց ընցածքին տարբեր երկիրներէ մեծ թիւով խմբագիրներ ստեղծեցին ու բարելաւեցին Արեւմտահայերէն Ուիիքիփետիայի շուրջ հարիւր յօդուածներ։ Վարձքը կատար բոլորին։
Երրորդ խմբագրաթոնը պիտի տեւէ երեք օր՝ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 23, Շաբաթ , Նոյեմբեր 24 եւ Կիրակի, Նոյեմբեր 25։
Քանի որ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի զարգացման համար անհրաժեշտ են ոչ միայն նոր յօդուածներու ստեղծումը, այլ նաեւ արդէն իսկ հրապարակուած յօդուածներու որակի բարելաւումը (բովանդակային եւ լեզուական), այս անգամ նիւթերու ցանկը կազմած ենք շեշտը դնելով հարստացման կարիք ունեցող յօդուածներու վրայ։ Այսպիսով, ընտրուած են հետեւեալ երկու ուղղութիւնները.
Բժշկագիտական նիւթերու ցանկ՝ նոր յօդուածներու ստեղծման համար
Տարբեր նիւթերով յօդուածներ՝ բարելաւման համար
Վարը կրնաք տեսնել տրամադրուած նիւթերուն ցանկը։
Այնպէս որ, սիրելի խմբագիրներ, բարի գալուստ երրորդ խմբագրաթոն ու թող այս երեք օրերը մեր բոլորին համար ըլլան արդիւնաւէտ ու Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան հարստացնող։
Անհրաժեշտ է, որ մասնակիցները ստորագրեն իրենց ընտրած յօդուածին կողքը՝ նախքան խմբագրման անցնիլը։
Ստորագրել միայն այն յօդուածները, որոնց վրայ անպայման պիտի աշխատիք։ Նախընտրելի է խմբագրել կամ բարելաւել միայն մէկ յօդուած, սակայն զայն լաւապէս խորացնելով, քան՝ միաժամանակ աշխատիլ քանի մը յօդուածներու վրայ առանց լուրջ բովանդակային ներդրում ունենալու։
Բարելաւման համար ներկայացուած յօդուածներուն պարագային նկատի ունենալ, որ անոնք կարիք ունին թէ բովանդակային (գրառում եւ պատկեր) եւ թէ լեզուական ներդրումներու։
Յօդուածներու խմբագրման ընթացքին անհրաժեշտ է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել լեզուի մաքրութեան եւ շարադասութեան ճշգրտութեան։
Խմբագրուած յօդուածը հրապարակելէ առաջ անպայման ուշադիր կարդալ եղած ներդրումը եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, կատարել ուղղումներ։
Տրամադրուած նիւթերու ցանկէն զատ, մասնակիցները ազատ են խմբագրելու եւ բարելաւելու իրենց նախընտրութեամբ այլ նիւթեր՝ կրկին այս երկու թեմաներուն ծիրին մէջ։
Ողջունելի է յօդուածները հարստացնել՝ նշելով նշուած աղբիւրներէն զատ այլ աղբիւրներ եւ ծանօթագրութիւններ։
Հեղինակային իրաւունքը պահպանելու համար աղբիւրներուն բովանդակութիւնը նոյնութեամբ չկրկնօրինակել։
Այն յօդուածները, որոնց բովանդակութիւնը կազմուած է բառացի թարգմանութեամբ եւ կամ ընդօրինակութեամբ, ենթակայ են ջնջման։
Ուշադրութիւն
Մասնակիցի ստորագրութիւնը զետեղուած է իւրաքանչիւր նիւթի կողքը։